Գլխավոր - Լույս Հիմնադրամ
ՀՀ, Երևան 0010, Բուզանդի 3 +37412400004

ՍՈՎՈՐԵԼ. ԳՈՐԾԵԼ. ՀԱՄԱՍՏԵՂԾԵԼ

Անգլերեն և համեմատական գրականություն

Մագիստրատուրա

Թամար Մարտիրոսյան

Իմ պատմութիւնս աւանդական չի՛ թուիր, սակայն կը խորհիմ թէ իւրայատուկ է։

Ծնած եմ Սքացտէլ, Արիզոնա, 1986ին, հոգատար ընտանիքի մը մէջ։ 2000 թուականին, ընտանիքս եւ ես տեղափոխուած ենք Լոս Անճելըս։

2005 թուին, աւարտելէ յետոյ երկրորդական վարժարանը, UC Berkeley մէջ ընդունուեցայ Երաժշտութեան ասպարէզին, ստանալով ձայնապնակի (record) պատրաստութեան համաձայնութիւն մը music mogul Clive Davis RCA Records ընկերութեան կողմէ։ Քանի մը տարիներ ուսանելէ յետոյ աշխարհի քանի մը լաւագոյն երգահաններու մօտ (songwriter), գրեցի 60է աւելի երգեր՝ երկու տարուան ընթացքին։ Այս բոլորը, սակայն, չէին ա՛յն՝ ինչ որ ես կ’ուզէի ըլլալ։ Ստեղծագործութեան մէջ ինծմէ շատ պահանջուեցաւ զիջումներ կատարել, սակայն ես կը փափաքէի իսկական կամ հաւատարիմ արուեստի տեսիլքիս մէջ մնալ եւ ... թողուցի RCA-ն։

Տարի մը անցուցի վերահաստատելու համար իմ անձնական «ձայնս» կամ երազս եւ ինչ որ կ’ուզէի ըլլալ։ Երազս էր արուեստագէտ մը ըլլալ եւ բախտաւորուեցայ ստանալու երկրորդ համաձայնագիր մը, այս անգամ Interscope Recordsէն։ Այս պարագային ազատութիւն ունեցայ պատրաստելու ա՛յն ինչ որ ես կ’ուզէի.- Sinner o a Saintը հրապարակ իջաւ 2010 թուականին։

2011ին, հասկցայ, ըմբռնեցի, որ ես արդէն պատրաստ եմ նոր մարտահրաւէրի։ Որքան որ երաժշտական աշխարհի մէջ սիրեցի the fast-paced lifeը, անդրադարձայ թէ միշտ աւելի կ’ակնկալէի։ Ուզեցի իմ բարձրագոյն վկայականս ստանալ Columbia Համալսարանէն. ընդունուեցայ եւ ներկայիս կը շարունակեմ իմ գլխաւոր նիւթս Անգլերէնի եւ Բաղդատական Գրականութեան մէջ։ Միշտ գտնուեցայ Համալսարանի Տեսուչի ուշադրութեան արժանի աշակերտներու ցանկին վրայ եւ ներկայիս հաւաքած եմ 3.97 GPA։

Մինչ կը շարունակեմ երաժշտական գիտութիւնս Թամար Գաբրելեան անունին տակ, որոշեցի իմ ամբողջ ոյժերս հաւաքել եւ տիրանալ ո՛չ միայն Վկայականիս, այլեւ գրաւել իմ դասարանիս բարձրագոյն դիրքը։


Այստեղ սովորում են
Կարեն Բերբերյան

Առաջնակարգ ճարտարապետական նախագծում

Անուշավան Համբարձումյան

Հանրային կառավարում

Միլենա Մելքոնյան

Սոցիալական աշխատանք

Back to top
Close