Ծնած եմ Գանատայի Անթերիոյ նահանգի Թորոնթո քաղաքին մէջ, ուր յաճախեցի Հ.Օ.Մ.ի ամենօրեայ Վարժարանը ու ապա տեղոյն Father Michael McGivney Catholic Academy անուան երկրորդական Վարժարանը:
Ստացած եմ կիրառական գիտութիւններու բակալավրի եւ ապա էլեկտրաինժեներիայի մագիստրոսի աստիճան Գանատայի Անթերիոյ նահանգի Wateloo համալսարանէն 2006 եւ 2009 Թուականներուն յաջորտաբար:
Իմ ուսանողական տարիներուս մասնակցած եմ ու իմ գործնական աջակցութիւնս ցուցաբերած եմ Oxford եւMaryland համալսարաններ ու գիտական ծրագիրներուն:
Իմ համալսարանական մասնագիտութեանս մէջ ունեցած եմ բազմատեսակ փորձառութիւվն զանազան ընկերութիւններու հէտ, ինչպէս MDSSciex, CypressSemiconductor, ATITechnologies, GenesisMicrochip, եւ AdvancedMicronDevices (AMD).
Ներկայիս Ph.D-ի Թեկնածու եմ Ամերիկայի Մասաչուսեթսի նահանգի Հարվարդի Համալսարանէն ներս` քննելով եւ ուսումնասիրելով ադամանդի ելեկրական թէ տեսողական յատկութիւնները անոր ենթակարոյցին մէջ: